2014-12-04 13:17:01

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի գործունէութիւնը` հանդիպում ''Կամաւորական միջազգային ծառայութեան, Քրիստոնէական կազմակերպութիւններու դաշնակցութեան անդամներուն հետ''։


(Ռ.Վ. 4 դեկտեմբեր 2014) Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի գործունէութիւնը` հանդիպում ''Կամաւորական միջազգային ծառայութեան, Քրիստոնէական կազմակերպութիւններու դաշնակցութեան անդամներուն հետ''։
Հինգշաբթի, 4 Դեկտեմբեր, 2014 ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Մոզամպիքի Հանրապետութեան նախագահը Տիար Արմանտօ Էմիլիօ Կէպուզան ու անոր ընկերացող շքախումբը, ապա յաջորդաբար ընդունեց գերապայծառ Միքայել Պանախը` Նոր Կինէի հանրապետութեան մօտ առաքելական նուիրակ, գերապայծառ Ճովաննի Տ՛անիէլլոն` Պրազիլի մօտ առաքելական նուիրակ` ու ապա հրաժեշտի այցելութեան առթիւ` Արժանթինի Սուրբ Աթոռի մօտ դեսպանը Տիար Փապլօ Քաֆիէրօն։
Կէսօրին, Պօղոս Զ անուան սրահին մէջ, Ֆրանչիսկոս Պապը ընդունեց` Կամաւորական միջազգային ծառայութեան Քրիստոնէական կազմակերպութիւններու դաշնակցութեան երկու հազար անդամները, ''Կամաւորներու միջազգային օրուան առթիւ''։
Անոնց ուղղած իր խօսքին մէջ Նորին Սրբութիւնը գնահատեց կազմակերպութեան ''քրիստոնէական ներշնչում'' ունեցող գործունէութիւնը` որ է – ըսաւ Քահանայապետը - ''Եկեղեցւոյ մը պատկերը որ ծունկի կու գայ ծառայելու համար դժուարութեան մէջ ապրող եղբայրներուն. Բարի Սամարացիի ոճին համաձայն։
Շնորհակալ եմ ձեզի ու ձեր գործունէութեան համար` յարեց Ֆրանչիսկոս Պապը, քաջալերելով ներկաները յարատեւելու կամաւորական ուղիին վրայ։
Կարիքը կայ վկայելու ''ձրիութեան'' արժէքները, ըսաւ հուսկ Ան, յանձնարարելով գործել եւ պայքարիլ աղքատութեան կառուցուածքային պատճառներուն դէմ` անհաւասարութիւն, աշխատանքի եւ բնակարանի պակաս, ընկերային իրաւունքներու ժխտում։
Բնութիւնը շահագործող տնտեսական համակարգը, աղքատութեան առաջնահերթ պատճառներէն մին է, հարկ է առ այդ ընդգծել թէ արարչագործութիւնը սեփականութիւն մը չէ որ մեր քմահաճոյքին տրամադրութեան տակ դրուած է այլ Աստուծոյ սքանչելի պարգեւ մըն է` որ մեզի շնորհուած է զայն խնամելու համար եւ յարգանքով օգտագործելու բոլորին բարիքին ի նպաստ։
Պատերազմի մէջ գտնուող շատ մը երկիրներու մէջ դուք կը գործէք ի սպաս ժողովուրդներու զարգացումին եւ կը համագործակցիք խաղաղութեան կառուցումին ի խնդիր, աշխատելով մարդիկը իրարու մօտեցնելու եւ կառուցելու մշակութային եւ կրօնական կամուրջներ։ Խաղաղութեան եւ յոյսի նշան է նաեւ ձեր յանձնառումը գաղթավայրերու մէջ. Ուր կը հանդիպիք յուսալքուած մարդոց եւ մանուկներու` որոնք կարօտը ունին ուտելիքի, ազատութեան եւ ապագայի։ Որքա՜ն մարդիկ կը փախչին պատերազմէն. Որքաններ հալածուած են իրենց հաւատքի պատճառաւ եւ ստիպուած են լքել տուն, հող, տեղ եւ ինչքեր։ Որքա՜ն խորտակուած կեանք` որքա՜ն տառապանք....Այս բոլորին առջեւ, Քրիստոսի աշակերտը ետ քայլ չ՛ընէր, այլուր չի նայիր, այլ կը ջանայ այս ցաւած մարդկութեան բեռը վերցնել աւետարանական մօտիկութեամբ եւ հիւրընկալութեամբ։ Անհրաժեշտ է բոլորին համագործակցութիւնը` մարդոց եւ մշակոյթներու միջեւ ներդաշնակ համակեցութեան ի սպաս։
Սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր` քառասուն տարուայ ընթացքին ձեր դաշնակցութեան մէջ գործեցին կամաւորներ, որոնք եղան` սիրոյ իսկական վկաները, խաղաղութեան գործիչները, արդարութեան եւ զօրակցութեան հեղինակները։
''Ձեզ կը քաջալերեմ ուրախութեամբ շարունակելու այս ճանապարհը, որպէս կեդրոն զետեղելով միշտ Յիսուսը'', ըսաւ Քահանայապետը իր ճառին աւարտին, յանձնարարելով միշտ դիմել աղօթքի մանաւանդ դժուար պահերու ընթացքին ու ապա բոլոր ներկաները յանձնեց Աստուածամօր հովանիին ու խնդրեց որ աղօթեն իրեն համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.